2013-02-13 11:06:07

Մոխրոց Օր Ըստ Լատինաց`
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


RealAudioMP3
Չորեքշաբթի 13 փետրուար` առաւօտեան ժամը 10,30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանյապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Նախ քան աւանդական խորհրդածութիւնը կատարելէ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց երկու օրեր առաջ առած իր որոշումին ըսելով`.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ինչպէս իմացաք, որոշեցի հրաժարիլ պաշտօնէն զոր Տէրը ինծի յանձնած էր 19 ապրիլ 2005-ին։ Այս կատարեցի ազատ կամքովս եւ Եկեղեցւոյ բարիքին համար, երկար ժամանակ աղօթքներ եւ Աստուծոյ առջեւ խղճի քննութիւն կատարելէ ետք, գիտակից այս վճիռին ծանրութեան եւ նոյնպէս գիտակից անկարողութեանս պահանջուած ուժերով յառաջ տանելու առաքելութիւնս։
Ինծի նեցուկ կը կանքնի ու կը լուսաւորէ այն համոզումը թէ Եկեղեցին Քրիստոսինն է, Ան երբէք իր հովանին եւ առաջնորդութիւնը պիտի չի պակսեցնէ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ամէնուդ այն սիրոյն եւ աղօթքին որով ինծի ընկերացաք։
Ինծի համար` դժուար այս օրերուն, զգացի գրեթէ ֆիզագապէս, աղօթքի զօրութիւնը որ Եկեղեցւոյ Սէրը ինծի կը համակէ։ Շարունակեցէք աղօթել ինծի համար, Եկեղեցւոյ համար եւ յաջորդ քահանայապետի դիտաւորութեամբ։ Տէրը պիտի առաջնորդէ մեզ ։
Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած հաւատացեալնրը ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորեցին Սրբազան Քահանայապետի այս խօսքերը։ Ան ապա ներկաներուն արտասանեց Ճառ մը կեդրոնացած քառասնորդացի նշանակութեան մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - այսօր կը սկսի Մեծ Պահքը, Սուրբ Զատկուայ պատրաստութեան քառասուն օրեր։ Քառասուն թիւը յաճախ կը կրկնուի Աստուածաշունջին մէջ։ Այսօրուայ խորհրդածութեան ընթացքին պիտի կեդրոնանամ Յիսուսի անապատի մէջ անցուցած քառասուն օրերուն վրայ, ուր կը փորձուի սատանայէն։
Այդ փորձութիւնները մեզմէ ամէն մէկը կը հրաւիրեն պատասխանելու հիմնական սա հարցումին. Ի՞նչ է որ կարեւորութիւն ունի կեանքիս մէջ։ Առանց ճշմարտութեան եւ Աստուծոյ ծառաւին համապատասխանը Մարդը չի կրնար փրկուիլ։
Երկրային իշխանութիւնը չէ որ աշխարհը կը փրկէ այլ խաչին, հեզութեան ու սիրոյ զօրութիւնը։ Աստուած ամէն բանի Տէրն է։ Ան չի կրնար գործիականացուիլ եւ օգտագործուիլ անձնական շահերու համար այսպէս ընելով մենք Զայն կը փոխառինենք։
Այս քառասնորդաց շրջանի ընթացքին, հաւատոյ տարուայ աօթիւ, նորոգենք մեր յանձնառումը ապաշխարութեան ճանապարհով որպէսզի չի մեկուսանանք, ու բացուինք Աստուծոյ տեղ տալով Անոր մեր կեանքէն ներս, Անոր աչքերով նայինք առօրեայի իրողութեան։
Ներկայ ընկերութիւնը քրիստոնեան կը դնէ շատ մը փորձանքներու առջեւ որ անձնական եւ հասարակական կեանքին կը հպին։ Փորձութիւնները միշտ ներկայ են։ Սակայն Աստուծոյ շնորհքը կը շարունակէ հրաշքներ գործել շատ մը անձերու կեանքէն ներս որ կ՛ապաշխարեն եւ կը վերադառնան Աստուծոյ։ Ապաշխարել կը նշանակէ չի փնտռել սեփական յաջողութիւններ այլ այնպէս ընել որ ամէն օր, փոքր բաներուն մէջ, ճշմարտութիւնը, Աստուծոյ հաւատալը եւ սէրը դառնան կարեւորգոյն իրողութիւնը։ Շնորհակալութիւն։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներունն եւ նորպսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով հետեւելու Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս առաքեալներու օրինակին եւ ըլլալու Աւետարանի առաքեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.